Անդրանիկ Ծառուկեան (1913-1989), սփիւռքահա յ բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող: Ծնած է 1913-ին Կիւրին, Արեւմտեան Հայաստան: Մանկութիւնը անցուցած է որբանոցներու մէջ, Եղեռնի եւ աքսորի տարիներուն: 1920-ականներու սկիզբը մայրը կը գտնէ զինք եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Հալէպի Հայկազեան Վարժարանին մէջ: Ապա կ'անցնի Պէյրութ եւ կ'աւարտէ տեղւոյն Հայկազեան Ճեմարանը: Գլխաւոր գործերն են «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ», «Երազային Հալէպը», «Թուղթ Առ Երեւան»:
Երկար տարիներ խմբագրած է Նայիրի գրական հանդեսը:
Խօսելով ինքն իր մասին, Ծառուկեան կ'ըսէ թէ իր բանաստեղծութիւնները ազդուած են Դանիէլ Վարուժանէն եւ Սիամանթոյէն:
Ծառուկեանի արձակ գործերը ընդհանրապէս ինքնակենսագրական կամ յուշագրական են, ինչպէս՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը եւ «Երազային Հալէպը»:
Եղերաբախտ Քերթողներ (1939)
Բանաստեղծական երկեր
Առագաստներ (1939)
Թուղթ Առ Երեւան (1946)
Վէպ /արձակ գրութիւններ
Մոխրամանը (1939)
Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ (1955)
Երազային Հալէպը (1979)
Երազային Հալէպը- Բ Շարք (1996)
Վերջին Անմեղը (1980)
Սէրը Եղեռնին Մէջ
Հին Երազներ նոր Ճամփաներ
Escribir comentario